2015-07-17 11:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Թուիթերեան կայքի հետեւորդներու թիւը` 22 միլիոնէ աւելի։


(Ռատիօ Վատիկան) Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ առաքելական ճամբորդութիւնը հազիւ եզրափակուած, Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթերեան կայքի հետեւորդներու թիւը` գերազանցեց 22 միլիոնը։

42 օրեր առաջ կայքիս  հետեւորդներու թիւը` հասած էր 21 միլիոնի։  Հետեւորդներու այս աճը հաւանականօրէն կապուած է Նորին Սրբութեան Լատին ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութեան  հետ եւ ''ընկերային համացանցերու'' ճամբորդութեան վերապահած յատուկ ուշադրութեան։  

5 - 13 յուլիս երկարող շաբաթուայ ընթացքին հետեւորդներու միջին թիւը զգալի օրէն աճած է անցնելով, ամէն 24 ժամ,  20էն  29 հազարի։ Ինը լեզուներով հրատարակուած թուիթերեան կայքի ամենաշատ օգտագործուած լեզուն կը մնայ անշուշտ Քահանայապետին մայրենի լեզուն` Սպաներէնը իր 9.347­,116 հետեւորդներով, որուն կը յաջորդէ անգլերէնը 6.586,373 հետեւորդներով, ապա Իտալերէնը 2.912,635 հետեւորդներով։  








All the contents on this site are copyrighted ©.